image

Լիբանան պիտի գործադրէ՞ Հարիրիի գործով զբաղող դատարանի որոշումները

Լիբանան պիտի գործադրէ՞ Հարիրիի գործով զբաղող դատարանի որոշումները

Լիբանանեան «Միջին Արեւելք» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր հարց բարձրացուցած է այն մասին, թէ արդեօք Լիբանանի իրաւասու մարմինները ի վիճակի՞ են գործադրել Հարիրիի գործով զբաղող «Յատուկ դատարան»ի որոշումները, եթէ վերջինս դատախազի պահանջը բաւարարելով մեղադրանք առաջադրէ «Հըզպալլա»ի որոշ անդամներուն դէմ, մեղադրելով զանոնք Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան կազմակերպման մէջ:

Թերթը առաջ քաշած է նաեւ յանցագործութեան կազմակերպիչներու եւ գործադրողներու դէմ մեղադրանք առաջադրելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով, որ յանցագործութիւնը չի կրնար անհատներու կողմէ իրականացուած ըլլալ:

 
Այս առթիւ թերթին հետ զրոյց ունեցած է Լիբանանի նախկին Արդարադատութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժար, որ դիտել տուած է, թէ դատարանի իւրաքանչիւր որոշում առկախ կը մնայ, մինչեւ վերաքննիչ դատարան բողոքարկուիլն ու վերջինիս որոշման հրապարակուիլը, այսինքն` աւելի քան մէկ տարի:


Նաճճարի կարծիքով, եթէ Լիբանանի իրաւասու մարմինները չյաջողին գործադրել «Յատուկ դատարան»ի որոշումը, այդ մէկը տարօրինակ պիտի չթուայ, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ հնարաւոր չեղաւ մեղադրեալները դատարան բերել ցուցմունքներ տալու համար, սակայն այնուամենայնիւ, դատարանի որոշման անհրաժեշտութիւնը կը կայանայ աւելի շատ իր բովանդակութեան ու ներառած ապացոյցներուն մէջ: