image

Սուրիոյ ուղղուած ԱՄՆ-ի զգուշացումները «անլուրջ» են. «Ֆրանսբրէս»

Սուրիոյ ուղղուած ԱՄՆ-ի զգուշացումները «անլուրջ» են. «Ֆրանսբրէս»

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակաութիւնը յայտնած է, որ թէեւ ԱՄՆ Սուրիոյ կառավարութիւնն զգուշացուցած է Իտլիպի վրայ յարձակում գործելէ, սակայն այնուամենայնիւ այդ զգուշացումները շատ խիստ չեն ու լուրջ բնոյթ չեն կրեր, եւ ըստ երեւոյթին, ԱՄՆ հաշտուած է պատերազմէն Ասատի յաղթանական դուրս եկած ըլլալու գաղափարին հետ:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մեղադրած է Ռուսիոյ Արտքին գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրովը Իտլիպի դէմ ռուս-սուրիական յարձակումը արդարացնելու մէջ, միաժամանակ շեշտոլով, որ ԱՄՆ կը համարէ, որ յարձակումը արդէն իսկ վտանգաւոր իրավիճակը առ աւելի կը բարդացնէ:
Այս առթիւ Սպիտակ Տան խորհրդական Ճոն Պոլթըն սպառնացած է քիմիական յարձակման պարագային շատ խիստ պատասխան տալ: