image

Իտլիպ. Յայտնաբերուած են գետնափոր ներքնուղիներ

Իտլիպ. Յայտնաբերուած են գետնափոր ներքնուղիներ

«Ալ Ժազիրէ» լրատուական ցանցի լրագրող Ահմատ Զայտան լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր հրապարակած է, որոնք կը բացայայտեն, թէ ինչպիսի անվտանգութեան միջոցներ ձեռնարկած են Իտլիպի զինեալ խմբաւորումները, Սուրիոյ բանակի մօտակայ յարձակումէն պաշտպանուելու համար:

Տեսանիւթերուն մէջ նկատելի են շատ երկար ներքնուղիները, որոնց գտնուելու վայրին մասին ոչինչ կ՛ըսէ լրագրողը:
Իտլիպի գետնափոր ներքնուղիներն իրենց արտաքին տեսքով շատ նման են անցնող տարիներու ընթացքին Արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերուած ներքնուղիներուն:
Տեսանիւթերուն մէջ նկատելի է նաեւ երկաթուղին, որ կառուցուած է Հալէպ-Լաթաքիա երկաթուղիի քանդմամբ ու Իտլիպ տեղափոխմամբ: