image

«Օդակայանի վիճակն անընդունելի է». Լիբանանցի քաղաքական գործիչ Ուիամ Ուահհապ

«Օդակայանի վիճակն անընդունելի է». Լիբանանցի քաղաքական գործիչ Ուիամ Ուահհապ

Լիբանանեան «Թաուհիտ» հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահհապ անընդունելի համարած է Պէյրութի օդակայանին մէջ տեղի ունեցող խեղաթիւրումը:

Թուիթըրեան իր էջին գրառում հրապարակած Ուահհապ քննադատած է իւրաքանչիւր օր լիբանանցի նախարարներու կողմէ հնչած սուտերը, ուղղուած արտագաղթած լիբանանցիներուն:

«Պէյրութի օդակայանին մէջ տեղի ունեցող խեղաթիւրումն այլեւս անընդունելի է: Իւրաքանչիւր օր կը լսեմ Լիբանանի զբօսաշրջութեան վերաբերեալ նախարարներէն մէկուն հնչեցուցած սուտը, ուղղուած արտագաղթածներուն, սակայն չեմ գիտեր, ո՞ւր է զբօսաշրջութիւնը: Ճանապարհային խցանումներուն մէ՞ջ է, Պուրճ Համուտի աղբակոյտի՞ն, անջտուած ելեկտրականութեա՞ն, թէ` ջուրի պակասին»,- նշուած է Ուահհապի գրառման մէջ: