image

Նասրալլա դրուատիքով խօսքեր ուղղած է Սուրիայէն վերադարձած իր զինուորներուն

Նասրալլա դրուատիքով  խօսքեր ուղղած է Սուրիայէն վերադարձած  իր զինուորներուն

«Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլա հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆուհա եւ Քաֆարիա շրջաններէն փրկուած եւ տուն դարձած իր  վեց զինուորներուն հետ, կը յայտնէ «Ալ Մայատին» լրատուական կայքը:

Նասրալլա նախ շնորհաւորած է իր զինուորները, բարձր գնահատած անոնց սխրանքը, շեշտելով, որ անոնք հպարտութիւն առթող տողերով արձանագրեցին իրենց յաղթանակը «Հըզպալլա»ի պատմութեան մէջ: «Դուք օրինակելի տիպարներ էք»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Ֆաուհա եւ Քաֆարիա աւաններու խաղաղ բնակիչները դուրս բերելու շուրջ ընդդիմադիր ուժերու եւ կառավարութեան միջեւ կայացուած համաձայնութեան  հիմքով դուրս եկած են նաեւ տարիներէ ի վեր շրջափակման մէջ մնացած «Հըզպալլա»ի նշուած վեց զինուորները: