image

Իսրայէլ հրապարակ պիտի հանէ նոր «Միրքավա»ն

Իսրայէլ հրապարակ պիտի հանէ նոր «Միրքավա»ն

Իսրայէլեան բանակը տեղեկութիւններ տարածած է այն մասին, որ կը պատրաստուի արդիականացնել իր թնդանօթային համակարգը:

«Mirkava 4 Barak» անունը կրող թնդանօթը, որ յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի գործարկուի, իսրայէլեան «Mirkava» թնդանօթներու ամէնէն արդիական նմոյշն է, որ պիտի ծառայէ շրջակայ երկիրներու զօրքերուն դէմ աւանդական ձեւերով պայքարելու համար, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Իսրայէլեան բանակի յայտարարութեամբ, նշուած թնդանօթը զարգացուած է այնպէս, որ բաւարարէ արդի պատերազմական դաշտերու պահանջները: