image

«Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ը Սուրիայէն հեռացնելու ամերիկեան նախագիծ

«Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ը Սուրիայէն հեռացնելու ամերիկեան նախագիծ

Ամերիկեան «CNN» լրատուական կայանը յայտնած է, որ ԱՄՆ, Գանատա եւ շարք մը եւրոպական երկիրներ Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ գլխաւորութեամբ բանակցած են «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ն ու անոնց ընտանիքները Սուրիայէն հեռացնելու հարցին շուրջ:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշած է, որ խօսքը 1000 անդամի մասին է, իրենց ընտանիքներով, զորս պէտք է Սուրիայէն տեղափոխել Գանատա, Բրիտանիա, Գերմանիա եւ այլ երկիրներ:

Աղբիւրը յայնտած է նաեւ, որ նախագահ Թրամբ հարցին անդրադարձած է «ՆԱԹՕ»ի վեհաժողովի ժամանակ, սակայն այնտեղ գտնուած պատուիրակութիւնները փորձած են համոզել զինք, որ հարցը պէտք է քննարկուի Իսրայէլի եւ Յորդանանի հետ: