image

Բրիտանիոյ թագուհիին այցի ժամանակ Թրամբ «մեծ խախտումներ» կատարած է

Բրիտանիոյ թագուհիին այցի ժամանակ Թրամբ «մեծ խախտումներ» կատարած է

ԱՄՆ նախագահ Թրամբ անցնող ուրբաթ օր երկօրեայ այցով Բրիտանիա հասած է, եւ հիւրընկալուած Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիին կողմէ:

Ընդունելութեան ժամանակ, Թրամբ բրիտանական թագաւորական ընտանիքին յատուկ շարք մը աւանդոյթներ խախտած է, անյարմար կացութեան մատնելով թագուհին:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, 92-ամեայ թագուհին 27 աստիճանի հասնող տաք եղանակին մօտ 12-15 վայրկեան սպասած է իր հիւրին ժամանումը:

Հանդիպման վայր հասնելով, Թրամբ թագուհիին առջեւ խոնարհելու փոխարէն նախընտրած է ջերմօրէն ձեռնուիլ վերջինիս հետ, որուն յաջորդած է ԱՄՆ Առաջին տիկնոջ ձեռնուիլը թագուհիին հետ:

ԱՄՆ նախագահի խոշորագոյն սխալը սակայն եղած է այն պահուն, երբ թագուհիին ուղեկցութեամբ հրաւիրուած է պատւոյ պահակազօրի ողջոյնի արարողութեան, որուն ընթացքին Թրամբ երես թեքելով թագուհիէն արագ քայլերով առաջ անցած է:

Թրամբի նշուած արարքները բուռն քննադատութեան ալիք բարձրացուցած են ընկերային կայքերու օգտատէրերու մօտ, որոնք զինք մեղադրած են թագուհիին նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու մէջ: