image
Հրատապ լուրեր:

Արժանթին Ռուսաստանէն կը պահանջէ ձերբակալել Ալի Աքպար Ուիլայաթին

Արժանթին Ռուսաստանէն կը պահանջէ ձերբակալել Ալի Աքպար Ուիլայաթին

Արժանթին Ռուսիոյ իրաւասու մարմիններէն պահանջած է ձերբակալել Իրանի իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար Խամինիի խորհրդական Ալի Աքպար Ուիլայաթին, եւ զինք յանձնել Արժանթինի իրաւասու մարմիններուն, այն մեղադրանքով, որ վերջինս ներգրաւուած եղած է 1994 թուականին Պուէնոս Այրէսի մէջ հրէական մշակոյթի կեդրոնի պայթեցման մէջ:

«Russia Today» լրատուական ցանցին համաձայն, Արժանթինի դատարանը Ռուսիա իշխանութիւններուն դիմելով խնդրած է ձերբակալել ու յանձնել Ուիլայաթին, որ յիշեալ դէպքի ժամանակ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը կը զբաղեզնէր, եւ ըստ Արժանթինի, մէկն էր հրէական մշակոյթի կեդրոնի պայթեցման կազմակերպիչներէն:

Արժանթինի դատարանը Ուիլայաթին մեղադրած է այլատեացութեան հիմքով խմբակային սպանութիւն կազմակերպելու մէջ: