image

Եմէնի կառավարութիւնը զայրացած է «Հըզպալլա»էն.Պատճա՞ռը

Եմէնի կառավարութիւնը  զայրացած է «Հըզպալլա»էն.Պատճա՞ռը

Եմէն Լիբանանի կառավարութենէն պահանջած է միջոցներ ձեռնարկել իր նկատմամբ «Հըզպալլա»ի թշնամական տրամադրուածութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ:

 

Եմէնի պաշտօնական «Սապաա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Արտաքին գործոց նախարար Խալէտ Ալ Եամաանի շեշտած է, որ իր երկիրը հարցը պիտի բարձրացնէ Արաբական երկիրներու լիկային, Իսլամական համագումարի կազմակերպութեան, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մօտ, որոնք կոչ կ'ուղղեն փոխադարձ յարգանքի եւ այլ երկիրներու ներքին քաղաքականութեան մէջ չներգրաւուելու:

 

Ալ Եամաանի մասնաւորապէս մեղադրած է «Հըզպալլա»ն Հուսիներ զինելու եւ զանոնք երկրի կառավարութեան դէմ լարելու մէջ: