image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա պատրաստ է քննարկել Սուրիոյ «S-300» տրամադրելու հարցը.Զօր. Շոյկու

Ռուսիա պատրաստ է քննարկել Սուրիոյ «S-300» տրամադրելու հարցը.Զօր. Շոյկու

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար Շոյկու յայտնած է, որ Ռուսիա պատրաստ է քննարկել Սուրիոյ «S-300» համակարգ տրամադրելու հարցը, սակայն մինչեւ օրս ոչ այդ հարցով մէկ դիմում ստացած է Դամասկոսի կողմէ:

 

Իտալական «Էլ Ժուրնալէ» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, որ նման համակարգի ձեռքբերումը տեղի կ'ունենայ համապատասխան դիմումի հիման վրայ, եւ նկատի ունենալով, որ նման դիմում տակաւին չէ ներկայացուած, ուրեմն ներկայիս անտեղի է հարցի քննարկումը:

 

Շոյկու շեշտած է սակայն, որ թէեւ Ռուսիա Իսրայէլի եւ եւրոպական երկիրներու խնդրանքով դադրած էր նման հրթիռներ տրամադրել Դամասկոսի, սակայն այսօր պատրաստ է ետ կանգնիլ իր որոշումէն ու շարունակել մատակարարումը, որովհետեւ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ յարձակման ենթարկուած Սուրիոյ մօտ նման համակարգերու գտնուիլն անհրաժեշտութիւն է: