image

Ֆրանսական հակահրասայլային համակարգեր գտնուած են Տարհայի մէջ

Ֆրանսական հակահրասայլային համակարգեր  գտնուած են  Տարհայի մէջ

Սուրիոյ բանակը Տարհա քաղաքին մէջ ֆրանսական «Apilas» տիպի հակահրասայլային համակարգեր գտած է, որուն մասին լրատուամիջոցները յայտնած են, թէ բարձր դիպուկայնութեամբ եւ գիշերային հեռադիտակով օժտուած է, որ հնարաւորութիւն ունի թիրախը երեք անգամ մեծցնելու:

 

«Defense Blog» կայքին փոխանցմամբ, յայտնաբերուած համակարգերը ֆրանսական «Nexter» ընկերութեան կողմէ արտադրուած են:

 

Նշենք, որ յիշեալ հակահրասայլային համակարգերը յայտնաբերուած են Սուրիոյ բանակին կողմէ Տարհայի ազատագրումէն ետք այնտեղ տեղի ունեցող ականազերծման աշխատանքներու ժամանակ: