image

«Հըզպալլա»ի վիրաւոր զինեալի փայլուն յաջողութիւնը

«Հըզպալլա»ի վիրաւոր զինեալի փայլուն յաջողութիւնը

Օրերս ընկերային կայքերու էջերուն լայն տարածում գտաւ «Հըզպալլա»ի զինեալ Ապպաս Մահմուտ Մանանայի լուսանկարը:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ապպաս «Հըզպալլա»ի շարքերուն պայքարող զինեալ է, որ վերջերս վիրաւորում ստացած էր:

Մանանա անցնող ուսումնական տարեշրջանի աւարտին երկրորդական դպրոցի պետական աւարտական քննութիւններուն մասնակցած էր եւ շատ փայլուն արդիւնք ձեռք բերած:

Կայքին համաձայն, Ապպասի միջինը կազմած է 14.83, այսինքն՝ 393: