image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի ընդդիմադիր գաղթականներու վերադարձի ցանկութիւնը կը զայրացնէ Դամասկոսը

Սուրիացի ընդդիմադիր գաղթականներու վերադարձի ցանկութիւնը կը զայրացնէ  Դամասկոսը

«Ալ Ժումհուրիյա» թերթը տեղեկութիւններ ձեռք բերած է այն մասին, թէ տարբեր լիբանանեան շրջաններ ապաստանած հազարաւոր ընդդիմադիր սուրիացիներ կը պատրաստուին տուն վերադառնալ:

Այս առթիւ «Հըզպալլա» յայտարարած է, որ անմիջական կապ հաստատելով վերադառնալ ցանկացողներուն հետ, ցուցակներ կազմած է, որոնք պիտի ներկայցուին Սուրիոյ կառավարութեան:

«Հըզպալլա»ի քայլը կը բացատրուի անով, որ գաղթականներու տունդարձի հարցը վերջերս սուրիական կողմի զայրոյթն առաջացուցած է, մեղադրելով լիբանանեան իրաւասու մարմինները հարցին ոչ լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ անընդունելիի սահմանները անցնելու մէջ: