image

Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ. Նպատակը Յորդանանի սահման հասնիլն է

Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ. Նպատակը Յորդանանի սահման հասնիլն է

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքը յայտնած է, որ Սուրիոյ բանակը սուրիական դրօշ ծածանած է Տարհայի արուարձաններէն Տահէլ քաղաքի կեդրոնը:

Աղբիւրը նշած է, որ Յորդանանի մէջ ռուսական կողմի եւ զինեալներու միջեւ երկխօսութիւնն անյաջող աւարտ ունենալէ ետք Սուրիոյ բանակի միակ ընտրութիւնը ռազմական գործողութիւններն է:

Կայքին հաւաստմամբ, Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացմամբ առաւել խոցելի դարձած են Յորդանանի սահմանին տեղակայուած «Ան Նուսրա»ի եւ «Տահէշ»ի զինեալ միաւորները:

«Ալ Ուաթան» թերթին փոխանցմամբ, Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ռուսական ուժերը «Հմէյհէմ» ռազմակայանի մօտակայքը անօդաչու կործանիչներու խումբ մը ցած բերած են: