image

Ռուսիա դրժած է Իսրայէլին տուած իր խոստումը

Ռուսիա դրժած է Իսրայէլին տուած իր խոստումը

Իսրայէլեան «Debka Files» հետախուզական թերթը նշած է, որ Սուրիոյ հարաւային շրջաններու ազատագրման պայքարին միացած են իրանի կողմէ հովանաւորուող «Հըզպալլա»ի զինեալներ, բան մը, որ կը հակասէ Ռուսիոյ տուած խոստումին, թէ յարձակման պիտի մասնակցին բացառապէս սուրիական եւ ռուսական ուժերը:

Թերթը նշած է, որ Ռուսիա հաւաստիացուցած էր ԱՄՆ-ին, Իսրայէլին եւ Յորդանանին, որ նշուած տարածքին մէջ «Հըզպալլա»ի միաւորներ չկան, սակայն պարզուած է, որ այնտեղ պայքարին մաս կը կազմեն թէ' «Հըզպալլա»ի, թէ' իրանեան յեղափոխական պահակազօրի զինեալները, որոնք կը պատրաստուին յարձակիլ ու ազատագրել Տարհան ու Քունայթիրան: