image

Ամերիկացի ծերակուտականը կը մերժէ Սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄԷ-ի ամերիկեան զէնքեր վաճառել

Ամերիկացի ծերակուտականը կը մերժէ Սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄԷ-ի ամերիկեան զէնքեր վաճառել

Ամերիկացի  ծերակուտական  Պոպ Մինինտիզ յայտնած է, որ ինք կը մերժէ հաւանութիւն տալ նախագահ Թրամբի այն նախագիծին, որ կը միտի բարձր մակարդակի զինամթերք տրամադրել Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, նկատի ունենալով, որ այդ զէնքերը կրնան օգտագործուիլ Եմէն մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ, կամ կրնան ձեռք բերուիլ ճիշդ այդ նպատակով:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Մինինտիզ մտահոգութիւն յայտնած է, որ նշուած երկիրներուն զէնքեր վաճառելու պարագային այդ զէնքերը կրնան Եմէնի մէջ անմեղ քաղաքացիներ սպաննելու համար օգտագործուիլ:

Մինինտիզ ԱՄՆ Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարներուն ուղղուած իր գրութեան մէջ նշած է, որ ամերիկացի ժողովուրդը իրաւունք ունի պահանջելու, որ ամերիկեան արտադրութեան զէնքերու վաճառքը համապատասխանէ ամերիկեան սկզբունքներուն եւ ազգային անվտանգութեան նպատակներուն: