image
Հրատապ լուրեր:

Տարհայի մէջ իսրայէլեան զէնքե՞ր

Տարհայի մէջ իսրայէլեան զէնքե՞ր

Սուրիոյ բանակը Տարհայի արեւելեան արուարձաններէն Պասր Ալ Հարիր եւ Նահթա շրջաններու ազատագրումէն ետք իրականացուող ականազերծման աշխատանքներու ընթացքին մեծ թիւով զինամթերքի պահեստներ յայտնաբերած է, ուր գտնուող զէնքերու մէկ մասը Իսրայէլ արտադրուած են:

«Սանա» լրատուական գործակալութեան համաձայն, ականազերծման աշխատանքները մեկնարկած են բանակի եւ զինեալներու միջեւ հաստատուած 12 ժամեայ զինադադարէն անմիջապէս ետք:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, որ զինադադարը յայտարարուած էր, կառավարական բանակի զգալի յառաջխաղացման արդիւնքով զինեալներու իրավիճակի բարդացման պատճառով, նպատակ ունենալով քննարկել վերջիններուս յետագայ ճակատագիրը: