image
Հրատապ լուրեր:

Պաղեստինեան տագնապի խնդրով ԱՄՆ կը խնդրէ Մոսկուայի միջնորդութիւնը

Պաղեստինեան տագնապի խնդրով ԱՄՆ կը խնդրէ Մոսկուայի միջնորդութիւնը

«Ալ Ախպար» թերթը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները առաջարկած է աջակցիլ Ռուսիոյ, Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հարցով, փոխարէնը ակնկալելով վերջինիս միջնորդութիւնը Նաթանիահու-Ապպաս մերձեցման եւ բանակցութիւններու կայացման:

Թերթին փոխանցմամբ, ԱՄՆ-ի առաջարկը պայմանաւորուած է անով, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնները ԱՄՆ դեսպանութեան տեղափոխումէն ի վեր կը մերժեն հանդիպումներ ունենալ որպէս միջնորդ հանդէս եկող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Թերթը կը յայտնէ, որ նման պայմաններու մէջ, կը դժուարանայ «Հարիւրամեակի գործարք»ի իրականացումը, որուն կը ձգտի ԱՄՆ:

Միւս կողմէ Մոսկուայէն նոր վերադարձած եւ այնտեղ շարք մը հանդիպումներ ունեցած «Համաս»ի գրասենեակի նախագահի տեղակալ Մուսա Ապու Մարզուք շեշտած է, որ ռուսական կողմը խոստացած է ընդդիմանալ Թրամբի նախագիծին դէմ եւ խոչընդոտել «Հարիւրամեակի գործարք»ի իրագործումը:

Ըստ «Ալ Ախպար»ի ձեռք բերած տեղեկութիւններուն, ԱՄՆ խոստացած է բացարձակ լիազօրութիւններ շնորհել Ռուսիոյ սուրիական հողերուն վրայ, եթէ փոխարէնը ապահովուի իրանեան ուժի սահմանափակումն ու «Հարիւրամեակի գործարք»ի իրագործումը: