image

Ամերիկա պահանջներ ունի Լիբանանէն. ինչի՞ մասին է խօսքը

Ամերիկա պահանջներ ունի Լիբանանէն. ինչի՞ մասին է խօսքը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «The National» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Ժոզէֆ Աունի Ուաշինկթըն կատարած այցին, որուն նպատակն էր ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ քննարկել Լիբանանի բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւններու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Պաղեստինի հետ Լիբանանի սահմաններու անվտանգութեան պահպանման հարցերը:

Յօդուածագիրը նշած է, որ Աուն իր պաշտօնն ստանալէ ի վեր երկրորդ անգամ է, որ կ'այցելէ ԱՄՆ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ հանդիպումներ պիտի ունենայ Արտաքին եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Յօդուածագիրը դիտել տուած է, որ ամերիկեան օժանդակութիւններուն ու Ուաշինկթըն-Պէյրութ համագործակցութիւնը Լիբանանեան բանակի առաջնահերթութիւններու շարքին է, նշելով, որ 2006 թուականէն ի վեր ԱՄՆ 1.5 միլիառ տոլարի օգնութիւն տրամադրած է:

Յատկանշական է, որ ըստ վերջին տուեալներուն, ԱՄՆ Լիբանանի բանակին տրամադրուելիք նիւթական օժանդակութեան միջոցով ճնշում կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ, նպատակ ունենալով չէզոքացնել «Հըզպալլա»ի ներկայութիւնը կառավարութեան մէջ: