image
Հրատապ լուրեր:

Կարեւոր առաջընթաց Գահիրէ-Պաղեստին գիծին վրայ

Կարեւոր առաջընթաց Գահիրէ-Պաղեստին գիծին վրայ

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յօդուածագիր վերլուծաբան Զաֆի Պարիլ անդրադարձած է այն հարցին, որ ԱՄՆ կը ձգտի Կազայի եւ Սինայի միջեւ առեւտրային տարածք հիմնել, նշելով, որ առեւտրային 5 խոշոր նախագիծեր արդէն իսկ գործադրուած են, եւ Իսրայէլ ինք խնդրած է Եգիպտոսէն, որ իր հողերուն վրայ հիմնուին յիշեալ նախագիծերը, եւ վերջինս հսկէ աշխատանքներու Կազայէն Սինա     աշխատաւորներու տեղաշարժին  վրայ։

Յօդուածագիրը յայտնած է նաեւ, որ եգիպտա-պաղեստինեան նաւահանգիստ մը եւ օդակայան մը պիտի կառուցուին, իսկ քաղաքական գետնի վրայ, Կազայի մէջ կառավարութեան ղեկավարումը պիտի շարունակէ «Համաս»ը, պայմանաւ, որ վերջինիս եւ Եգիպտոսի միջեւ լիարժէք քննարկումներ կայանան նախագիծերու շուրջ:

Պարիլի կարծիքով, Եգիպտոս իր այս քայլով Պաղեստինեան իշխանութեան նամակ մը կը յղէ այն մասին, որ եթէ Մահմուտ Ապպաս շարունակէ խոչընդոտել «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի հաշտեցման գործընթացը, Կազա կրնայ անջատուիլ Արեւմտեան ափէն:

Միաժամանակ Պարիլ «Հարիւրամեակի գործարք»ին մէջ Եգիպտոսի ներգրաւման հանգամանքը պատճառաբանած է երկու կէտով. Նախ՝ աջակցիլ Կազային եւ զարգացնել իր տնտեսութիւնը, երկրորդ՝ համընդհանուր դիւանագիտական բանակցութիւններու մէջ իր մասնակցութիւնը բերել: