image

Ո՞վ եւ ի՞նչ պատճառներով հարուածեց Պուքամալ շրջանը

Ո՞վ եւ ի՞նչ պատճառներով հարուածեց Պուքամալ շրջանը

Իսրայէլեան հետախուզական «Debka» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր դիտել տուած է, թէ կարելի չէ տարանջատել Կազզայի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը:

Կայքը կարծիք յայտնած է, որ իսրայէլացի ղեկավարները կը միտին  քօղարկել պաղեստինցիներու կողմէ արձակուած հրթիռներու աճի հարցը, որպէսզի ուշադրութիւն չգրաւեն այն խնդիրին վրայ, որ իսրայէլեան բանակը երկու կամ աւելի ճակատի վրայ հետզհետէ կը նահանջէ:

Կայքը իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Պուքամալի հրթիռակոծման, որուն հետեւանքով Սուրիոյ բանակի շարքերուն պայքարող 52 զինուորական զոհուեցաւ, եւ որուն պատասխանատուութիւնը   ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Իսրայէլի ուսերուն դրաւ, նշելով, որ Թել Աւիւ  խուսափեցաւ հաստատել ամերիկեան այն յայտարարութիւնները, թէ իր օդանաւները արգիլեցին Իրաքի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի զօրքերու ղեկավար Քայս Խազհալիի տեղաշարժը դէպի Արեւելեան Սուրիա:

Այս առթիւ կայքը դիտել տուած է նաեւ, որ Խազհալի իրանեան յեղափոխական պահակազօրի ենթակայ «Ալ Քուտս» ջոկատի հրամանատարութեան ներքոյ կը գործէ, եւ Դամասկոսէն դուրս Իրանին պատկանող գործողութիւններու գրասենեակէն կապ կը հաստատէ «Հըզպալլա»ի ղեկավար Նասրալլայի հետ: Վերջիններուս միջեւ առկայ կապը բացայայտուած է մօտ 7 ամիս առաջ, երբ «Հըզպալլա»ի ղեկավարներու հետ միասին ԽազՀալի Լիբանանի հարաւային սահման  այցելած է:

Կայքին համաձայն, թէեւ Խազհալի անյտեղ կը գտնուէր Սուրիայէն Իրաքի ճամբով դէպի Լիբանան ուղեւորուող իր զօրքերու տեղակայման վայրը ստուգելու նպատակով, սակայն այդ օրերուն իսրայէլեան բանակը խուսափած է զինք թիրախաւորելէ:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Խազհալիի տեղաշարժի արգելումը ընթացիկ շաբթուան ընթացքին իսրայէլեան բանակին առջեւ ծառացած միակ խնդիրը չէր, որովհետեւ «Հըզպալլա» եւ Սուրիոյ բանակը մօտ մէկ շաբաթէ ի վեր մեծ թուով զօրքեր տեղակայած են Սուրիոյ հարաւը, Քունայթիրա քաղաքին շուրջը, ինչպէս նաեւ Կոլանի, Տարհայի եւ յորդանանեան սահմանի մօտակայքը:

Հակառակ անոր, որ Սուրիա բազմիցս բարձրաձայնած է Կոլանն ու Տարհան ազատագրելու իր ցանկութիւնը, սակայն, կայքին կարծիքով, նման պարագայի Իսրայէլ եւ Յորդանան թոյլ պիտի չտան որ Սուրիոյ բանակը մօտենայ այդ տարածքներուն:

Կայքը կարծիք յայտնած է, որ Սուրիոյ իրավիճակի սրումը անպայմանօրէն պիտի առաջնորդէ Կազայի կողմէ սպառնալիքի ալիքի բարձրացման, հետեւաբար Իսրայէլ պէտք է նախ չէզոքացնէ Կազայի բնակիչ պաղեստինցիներու վտանգը, նախքան Սուրիոյ հետ առճակատման դուրս գալը: