image
Հրատապ լուրեր:

Գահաժառանգ Ուիլիամի նախատեսուած այցը զայրացուցած է իսրայէլցիները

Գահաժառանգ Ուիլիամի նախատեսուած այցը զայրացուցած է իսրայէլցիները

Իսրայէլի «Երուսաղէմի հարցերով» նախարար Զայիֆ Ալ Քին քննադատած է գահաժառանգ Ուիլիամի դէպի Պաղեստին նախատեսուած այցը, նկատի ունենալով, որ այն պիտի իրականացուի դէպի գրաւեալ հող համարուող Արեւելեան Երուսաղէմ, կը յայտնէ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը:

Թերթին համաձայն, իշխանի եռօրեայ այցի մեկնարկը նախատեսուած է Յորդանանէն, 25 յունիսին, որուն ընթացքին պիտի այցելէ նաեւ Պաղեստին եւ պաղեստինեան գրաւեալ հողերը:

Իսրայէլցի նախարարին յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Բրիտանիա կը ձգտի քաղաքականացնել իշխանի այցը, շեշտելով, որ Երուսաղէմ աւելի քան 3000 տարիներէ ի վեր Իսրայէլի միասնական մայրաքաղաքն է, եւ այցի յայտագիրի վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չի կրնար աղաւաղել ճշմարտութիւնը:

Իսրայէլցի նախարարը նաեւ կոչ ուղղած է իշխանի օգնականներուն ուղղել մատնանշուած սխալը: