image
Հրատապ լուրեր:

Եէմէն. Մեծ պայքար «Ալ Հուտայտա» նաւանագիստին համար

Եէմէն. Մեծ պայքար «Ալ Հուտայտա» նաւանագիստին համար

Սէուտական Արաբիոյ կողմէ հովանաւորուող եմէնեան ուժերը երէկ լուսաբացին յարձակում գործած են ծովեզերեայ «Ալ Հուտայտա» շրջանին վրայ, որ Հուսիներու տիրապետութեան տակ կը գտնուի, կը յայտնէ «Ալ Արապիա» լրատուական հեռուստակայանը:

Աղբիւրը յայտնած է, որ յարձակումը մեկնարկած է ցամաքային ուժերով, որուն օժանդակութեան հասած են ծովային ու օդային ուժերը, որոնք քանի մը ուղղութիւններով ներթափանցած են քաղաք:

Իր հերթին Հուսիներու ղեկավարը զգուշացուցած է Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ գործող եմէնեան ուժերը, յայտնելով, որ իրենք նոյնպէս յարձակում գործող ուժերու նաւերէն մէկը թիրախաւորած ու հրդեհած են: