image

Իսրայէլեան նաւերուն մէջ ականներ տեղադրած եգիպտացի սպային պատմութիւնը

Իսրայէլեան նաւերուն մէջ ականներ տեղադրած եգիպտացի սպային պատմութիւնը

«Arabic Post» լրատուական կայքը յօդուածով մը անդրադարձած է 1969-1970 թուականներու պատերազմին պաղեստինեան հողերու վրայ  եգիպտական ուժերու իրականացուցած երեք յարձակումներուն, որոնք տեղի ունեցան Իլաթի նաւահանգիստին մէջ:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, եգիպտական ուժերու հերոսները պատուհանները կոտրելով իսրայէլեան նաւերուն եւ զինուորական փոխադրանաւերուն մէջ ռումբեր տեղադրած են, որոնց պայթումին հետեւանքով 14 իսրայէլցի զինուոր սպաննուած է:

Դէպքի մանրամասներուն անդրադառնալու նպատակով կայքը զրոյց ունեցած է այդ օրերու գործողութիւններուն մասնակցած սպաներէն մէկուն՝ Նապիլ Ապտ Ալ Ուահապի հետ:

Եգիպտացի սպան պատմած է, թէ ինչպէս ինք ու իր զօրակից ընկերը՝ Ֆաուզի Ալ Պարքուքի սուզուելով ծովուն մէջ տեղադրած են ռումբերը, այնուհետեւ երկար ժամանակ ջուրին տակ մնացած են, որպէսզի գործողութիւնը չբացայայտուի, որուն պատճառով ալ Ֆաուզի Ալ Պարքուքի խեղդուելով մահացած է:

Նապիլ Ապտ Ալ Ուահապ ընկերոջ դիակը շալկած 16քմ լողալով Աքապայի ափ հասցուցած է, որպէսզի այն թշնամիին ձեռքը չանցնի որպէս պատերազմական աւար:

Երբ Ապտ Ալ Ուահապ ու  Ալ Պարքուքիի դիակը հասած են յորդանանեան ծովափ, սահմանապահ զօրքերը ողջունած են զիրենք, իմանալով, որ իսրայէլեան նաւերը ականապատողներն են:

Այդ օրերուն, ինչպէս կը պատմէ Նապիլ Ապտ Ալ Ուահապ, Եգիպտոսի մէջ Արաբական երկիրներու լիկայի գագաթնաժողով կար: Երբ Ճապալ Ապտ Ալ Նասէր տեղեկացած է կատարուածին մասին, ընդմիջման ժամանակ Յորդանանի թագաւորին դիմելով ըսած է. «Լսեցի, որ զաւակներս ձեր մօտ են: Դուք իմ հիւրս էք այնքան ժամանակ, մինչեւ անոնք վերադառնան»: Ապտ Ալ Նասէրի հետ նշուած զրոյցէն ընդամէնը ժամեր անց եգիպտացի զինուորականները օդանաւով վերադարձած են Եգիպտոս: