image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ապպաս ներկայ պիտի չգտնուի Պոլսոյ գագաթնաժողովին

Նախագահ Ապպաս ներկայ պիտի չգտնուի Պոլսոյ գագաթնաժողովին

Պաղեստինեան իշխանութիւնը յայտարարած է, թէ Պոլսոյ մէջ կայանալիք Երուսաղէմի նուիրուած իսլամական երկիրներու արտահերթ գագաթնաժողովին պաղեստինի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ վաչապետ Ռամի Ալ Համատ Ալլահ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, վարչապետն արդէն մեկնած է Թուրքիա, գլխաւորելով շարք մը նախարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը:

Պաղեստինեան կողմը ոչ մէկ պարզաբանում ներկայացուցած է գագաթնաժողովէն Ապպասի բացակայութեան պատճառներուն մասին, սակայն տարածուած լուրերուն համաձայն, վերջերս ան միջին ականջի վիրահատութեան ենթարկուած էր: