image

Ուաշինկթըն կրկին կը խանգարէ Կազզայի դէպքերուն վերաբերեալ դատապարտման հրապարակումը

Ուաշինկթըն կրկին կը խանգարէ   Կազզայի  դէպքերուն  վերաբերեալ    դատապարտման  հրապարակումը

ԱՄՆ հերթական անգամ խանգարած է Միջազգային անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակուելիք յայտարարութիւնը, որ կը դատապարտէ իսրայէլեան ուժերը, մեղադրելով զանոնք Կազզայի մէջ անզէն ցուցարարներ սպաննելու մէջ, եւ կը պահանջէ քննութիւն կատարել տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ:

 

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը ձեռք բերած է հրապարակուելիք յայտարարութեան նախագիծը, ուր նշուած է, թէ Միջազգային անվտանգութեան խորհուրդն իր զայրոյթն ու ցաւակցութիւնը կը յայտնէ պաղեստինցի քաղաքացիներու սպանութեան դէպքին առթիւ, որոնք խաղաղ ցոյցեր իրականացնելու իրենց իրաւունքէն կ'օգտուէին: «Անվտանգութեան խորհուրդը կը պահանջէ անկախ ու թափանցիկ քննութիւն իրականացնել, յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»,- նշուած է յայտարարութեան նախագիծին մէջ:

 

Միաժամանակ խորհուրդը կոչ ուղղած է բոլոր կողմերուն զուսպ մնալ, աւելորդ խնդիրներէ խուսափելու եւ խաղաղութիւնը վերահաստատելու նպատակով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է բոլոր երկիրներուն, առաւել խառնակ վիճակ ստեղծող քայլերէ զերծ մնալու: