image

Եւրոպա այլեւս չի կրնար իր անվտանգութեան հարցը Ամերիկայի վստահիլ. Մերքէլ

Եւրոպա այլեւս չի կրնար իր անվտանգութեան հարցը Ամերիկայի վստահիլ. Մերքէլ

Գերմանացի խորհրդական Անկելա Մերքէլ երէկ, հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ յետ այսու Եւրոպա պէտք չէ իր անվտանգութեան յոյսը կապէ ԱՄՆ-ի հետ, որովհետեւ վերջինս ի զօրու չէ զինք պաշտպանել որեւէ կողմէ, հետեւաբար, պէտք է ինք իր վրայ վերցնէ ինքնապաշտպանութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի ներկաութեամբ ելոյթ ունեցող Մերքէլ մասնաւորապէս նշած է. «Անցան այդ ժամանակները, երբ մեր պաշտպանութեան հարցը վստահած էինք ԱՄՆ-ին»,- միաժամանակ աւելցնելով, որ ապագայի համար Եւրոպա պէտք է պատրաստուի ինք իր վրայ վստահելու:
Մերքէլ վերջին շրջանի դէպքերը պատերազմի ու խաղաղութեան խնդիր համարած է: