image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ պահեստային ուժեր կը տարածէ. «Ետիհոթ Ահրոնոթ»

Իսրայէլ պահեստային ուժեր կը տարածէ. «Ետիհոթ Ահրոնոթ»

Իսրայէլեան «Ետիհոթ Ահրոնոթ» թերթի ռազմական վերլուծաբան Ռոն Պըն Եշայ կարծիք յայտնած է, որ Սուրիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, թէ Իսրայէլ նախանցեալ գիշեր յարձակում գործած է Դամասկոսի վրայ կրնան վերլուծուիլ այնպէս, որ իրանցիներ ամբողջ գիշերը փորձած են դէպի Իսրայէլ հրթիռներ արձակել:

Ռոն Պըն Եշայ շեշտած է, որ ներկայիս Իսրայէլ մտահոգ է իրանեան խմբաւորումներու կողմէ իսրայէլեան կայաններու թիրախաւորման վտանգէն, հետեւաբար կը ձգտի խափանել նման յարձակումներ թէ' լրատուամիջոցներու միջոցով, թէ' կանխարգիլող յարձակումներով:

Վերլուծաբանը հաւանական համարած է նաեւ այն, որ իսրայէլեան կողմը նկատած է իր դէմ կիրառուելիք իրանեան հրթիռները, եւ փորձած ոչնչացնել զանոնք:

Ինչ կը վերաբերի «Հըզպալլա»ին, վերլուծաբանը համոզմունք յայտնած է, որ վերջինս Լիբանանէն պիտի չգործէ, որովհետեւ Իրան նպատակ ունի զինք օգտագործել որպէս ռազմավարական թեւ, Իսրայէլի հաւանական յարձակման պարագային, հետեւաբար, Իրան պիտի նախընտրէ հրթիռակոծմամբ վրէժ լուծել Իսրայէլէն:

Նման լարուածութեան պայմաններու մէջ, Իսրայէլ «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգը, ինչպէս նաեւ անօդաչու օդանաւեր տարածած է, դիմադրելու համար Իսրայէլի հաւանական հարուածները, որովհետեւ, ըստ վերջինիս, Իրանի կողմէ որեւէ քայլի պարագային, իր պատասխանը շատ խիստ պիտի ըլլայ: