image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբ ներկայ պիտի չգտնուի Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան բացման. Սպիտակ Տուն

Թրամբ ներկայ պիտի չգտնուի Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան բացման. Սպիտակ Տուն

Սպիտակ Տունը յայտարարած է, որ նախագահ Թրամբ Իսրայէլ պիտի չմեկնի ու ներկայ պիտի չգտնուի 14 մայիսին Երուսաղէմի մէջ կայանալիք ԱՄՆ դեսպանատան բացման արարողութեան:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Թրամբի փեսան՝ Ճարիտ Քուշնըր եւ դուստրը՝ Իւանքա Թրամբ, որոնք Սպիտակ Տան մէջ նախագահի խորհրդականի պաշտօն կը կատարեն:

«Ռոյթըրզ» լրատուական կայքը, վկայակոչելով տեղի բնակչութեան յայտարարութիւնները, նշած է, որ Երուսաղէմի թաղամասերէն մէկուն մէջ անգլերէն, արաբերէն եւ եբրայերէն լեզուներով «ԱՄՆ դեսպանութիւն» գրառումը կրող պաստառ կախուած է: