image
Հրատապ լուրեր:

Թեհրան միշտ յարգած է Լիբանանցի ժողովուրդին կամքը. Պահրամ Քասիմի

Թեհրան միշտ յարգած է Լիբանանցի ժողովուրդին կամքը. Պահրամ Քասիմի

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Պահրամ Քասիմի յայտնած է, որ Թեհրան կը յարգէ լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններու ծիրին մէջ լիբանանցի ժողովուրդի ընտրութիւնը, մանաւանդ այն, որ ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, «Հըզպալլա» եւ իր քաղաքական դաշնակիցները խորհրդարանական աթոռներու կէսէն աւելիին տիրացած են:

Իրանեան պաշտօնական հեռուստակայանը փոխանցելով Քասիմիի յայտարարութիւնը նշած է, որ Լիբանան ինքնիշխան երկիր է, եւ Իրան կը յարգէ լիբանանցի ժողովուրդի քուէարկութեան արդունքները, ինչպէս նաեւ պատրաստ է երկրի մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած նոր կառավարութեան հետ համագործակցելու: