image

Ես նախագահին ու նախագահութեան կողքին եմ. Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ

Ես նախագահին ու նախագահութեան կողքին եմ. Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի շեշտած է, որ մեծագոյն յաղթանակը անոր է, ով կը փորձէ դասեր քաղել այս ընտրութիւններէն, եւ իշխանութիւն տարածելու, ինչպէս նաեւ կրօնական ու դաւանական պառակտումներու  փորձերն ապարդիւն պիտի ըլլան:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, հեռուստատեսային հարցազրոյցի ժամանակ Պըրրի դիտել տուած է, որ ինք պիտի շարունակէ սատարել «Ալ Ահտ»ին, շեշտելով, որ ինք երբեք երկրի նախագահին դէմ չէ եղած, ու իր գործողութիւններով մշտապէս օժանդակած է «Ալ Ահտ»ին:

«Վարչապերի իմ թեկնածուս որոշուած է, սակայն պիտի չյայտարարեմ անոր ով ըլլալը»,- յայտարարած է Պըրրի: