image
Հրատապ լուրեր:

Իրանեան հարց. Իսրայէլ տեղեակ չէ Թրամբի դիրքորոշումէն. Իսրայէլցի պաշտօնեայ

Իրանեան հարց. Իսրայէլ տեղեակ չէ Թրամբի դիրքորոշումէն. Իսրայէլցի պաշտօնեայ

Իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ Իսրայէլին ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցած է Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրին շուրջ իր դիրքորոշման մասին:

Իսրայէլցի պաշտօնեան զրոյցի ժամանակ կտրուկ կերպով մերժած է որեւէ տեղեկութիւն յայտնել համաձայնագիրի ապագայ ճակատագիրին մասին այն պատրուակով, որ Թրամբ այդ մասին ոչինչ ըսած է:

Նշենք, որ նման յայտարարութեան առիթ հանդիսացած է Իսրայէլի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերու ալիքի բարձրացումը, Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրը վերափոխման ենթարկելու կամ չեղարկելու նպատակով: