image

Ինչպէս սպաննուեցաւ պաղեստինցի գիտնականը. Նոր մանրամասնութիւններ

Ինչպէս սպաննուեցաւ պաղեստինցի  գիտնականը. Նոր մանրամասնութիւններ

Մալիզիոյ ոստիկանութիւնը նոր մանրամասներ բացայայտած է պաղեստինցի գիտնական Ֆատի Ալ Պաթշի սպանութեան գործին վերաբերեալ, որ տեղի ունեցած էր 21 ապրիլին, մայրաքաղաք Քուալալամպուրի մէջ:

Մալիզիոյ պաշտօնական լրատուական գործակալութեան համաձայն, ոստիկանութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ սպանութեան մէջ կասկածուող երկու անձերը հանրակառքով մօտեցած են այն վայրին, ուր թողած էին իրենց հեծանիւները, սպանութիւնը կատարելէ ետք փախուստի դիմելու համար:

Ոստիկանութիւնը յայտնած է նաեւ, որ ձեռք բերուած է յանցագործներուն կողմէ օգտագործուած զէնքը, առանց այլ մանրամասներ հաղորդելու:

Յայտարարութեան համաձայն, կասկածեալները կեղծ անցագիրներ օգտագործած են Մալիզիա մուտք գործելու համար, եւ ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք քան մը կեղծ անցագիրներ եւս ունին, այլ երկիրներ մեկնելու համար: Սպանութեան գործողութիւնն իրականացնելէ ետք վերջիններս ապօրինի կերպով հատած են Մալիազիոյ սահմանն ու Թայլանտ տեղափոխուած: