image
Հրատապ լուրեր:

Բրիտանիա նոր պայքար պիտի սկսի Մոսկուայի դէմ

Բրիտանիա նոր պայքար պիտի սկսի Մոսկուայի դէմ

Բրիտանական «The Guardian» թերթին փոխանցմամբ, Բրիտանիա մտադիր է 2018 թուականին կայանալիք շարք մը միջազգային համագումարներու միջոցով Սալիզպուրիի մէջ Սէրկէյ եւ Եուլիա Սքրիփալիի թունաւորման դէպքի լոյսին տակ ուժեղացնել հակա-ռուսական դաշինքը:

Աղբիւրին համաձայն, բրիտանացի դիւանագէտներ նշուած նպատակին համար կը պատրաստուին հանդէս գալ «Մեծ եօթնեակ»ի ղեկավարներու համագումարին, «Քսանի խումբ»ի համագումարին, ինչպէս նաեւ «ՆԱԹՕ»ի եւ Եւրոմիութեան համագումարներուն:

Նշենք, որ Բրիտանիա կը պնդէ, թէ թունաւորման յանցագործութեան ետին Ռուսիա կանգնած է, մինչդեռ վերջինս կը հերքէ իր դէմ ուղղուած մեղադրանքը: