Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ գործող «Սպիտակ սաղարտաւորներ»ու օժանդակումը կ'իրականացուի շատ զգոյշ կերպով մշակուած եւ զարգացած ճանապարհներով, կը գրէ «Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը:
Լրագրողերու հետ հանդիպման ժամանակ Զախարովա նշած է, թէ Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ ներգրաւուած շարք մը երկիրներ, ինչպիսիք են ԱՄՆ, Բրիտանիա եւ Հոլանտա, իրենք են, որ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրեն «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ» կազմակերպութեան:
Զախարովա դիտել տուած է նաեւ, որ Քաթարի Զարգացման հիմնադրամը յայտարարած է, թէ նշուած կազմակերպութեան նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է, անհրաժեշտ պարագաներ ձեռք բերելու համար, առանց նշելու տրամադրուած գումարին չափը:
Զախարովա շեշտած է, որ յիշեալ կազմակերպութեան տրամադրուող օժանդակութիւնը բրիտանական արմատներ ունի, եւ շարք մը ոչ պետական կազմակերպութիւններ կը կասկածուին այդ գործողութեան մէջ:
Նշենք, որ «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ» կազմակերպութիւնը Սուրիոյ մէջ գործող ոչ պետական կազմակերպութիւն է, որուն աշխատակիցները իրենք զիրենք կամաւորներ կը կոչեն, եւ փրկարարական ու քաղաքացիական պաշտպանութեան աշխատանքներ կը կատարեն: Աշխարհի տարբեր երկիրներ ու կազմակերպութիւններ հակասական որակումներ կու տան «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ու գործունէութեան ծիրին: