image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի ընտրութիւնները ընթացք առին

Լիբանանի ընտրութիւնները ընթացք առին

Այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ ընթացք առին Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Այս մասին տեղեկութիւնը   կը փոխանցեն  լիբանանեան  ԶԼՄ-ներ յայտնելով, որ 3.650.000  լիբանանցիներ  իրաւունք  ունին   քուէարկութեան մասնակցելու:

 

 Յիշեցնենք, որ այս ընտրութիւնները կը կայացուին ինը տարուան բացակայութենէ ետք եւ լիբանանցիք պիտի ընտրեն երեսփոխաններ, որոնց կէսը իսլամներ  ու երկրորդ կէսը քրիստոնեաներ են:

Կը նշուի  նաեւ, որ 128 աթոռներու համար կը պայքարին 976 թեկնածուներ եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ նման մեծաթիւ թեկնածուներ գրանցուած  են:

Կը հաղորդուի նաեւ,որ մեծ թիւով բանակային ուժեր կը հսկեն ընտրութիւններուն: