image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս-իսրայէլեան հակամարտութիւն Սուրիոյ մէջ

Ռուս-իսրայէլեան հակամարտութիւն Սուրիոյ մէջ

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը զգուշացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինը, որ վերջինս Սուրիոյ պատերազմին մէջ ներգրաւուելէն ի վեր կրնայ առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի հետ դէմ հանդիման դուրս գալ:

Թերթը նշած է, որ Փութին Սուրիոյ նախագահ Ասատին տրամադրած օժանդակութեամբ եւ զինք ուղղորդելով դարձաւ վերջինիս «ուսուցիչ»ը, իսկ Ասատ այս առումով պարտական կը զգայ Ռուսիոյ, իր երկրին մէջ տիրող անել կացութենէն զինք փրկելուն համար:

Թերթը յայտնած է նաեւ, որ ռուս վարձկաններու օգնութեամբ Սուրիոյ մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները առիթ տուած են Փութինին վստահօրէն յայտարարելու, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերը չեն, որ պայքար կը մղեն, եւ ռուսական ներկայութիւնը բացառապէս սահմանափակուած է իր օդային ու ծովային ռազմակայաններուն մէջ:

Միւս կողմէ թերթը անդրադարձած է Ռուսիոյ եւ Իրանի դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ «S-300» հրթիռային համակարգ տրամադրելու Ռուսիոյ մտադրութեան, շեշտելով, որ այս բոլորը կրնան Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ փոխյարաբերութիւններուն մէջ սրում առաջացնել: