image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա» բաժանումի սեմի՞ն

«Հըզպալլա» բաժանումի սեմի՞ն

«Սետր»ի համաժողովին հետեւող ֆրանսական աղբիւրներ դիտարկած են «Հըզպալլա»ի եւ կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ «Սետր»ի ծրագիրները մերժելու պատճառները: Անոնք գտած են, որ «Սետր»ի ծրագրերու իրականացմամբ յառաջանալիք խաղաքարտերու վերադասաւորումը մտահոգութիւն կը պատճառէ կուսակցութեան իր շահերը վնասելու առումով եւ Փարիզ տեղեակ է այդ մասին:

Ֆրանսական շրջանակները կը գտնեն, որ լաւագոյն միջոցը որպէսզի բոլորը աջակցին «Սետր»ի ծրագրերուն, այն է , որ անոր առաջարկած նախագիծերը ի սկզբանէ գործադրուին լիբանանեան բոլոր տարածքներուն մէջ, նշելով, որ հակառակ անոր որ «Հըզպալլա»ն դէմ է «Սետր»ի, սակայն խորհրդարանի նախագահ նապիհ Պըրրին ողջունած է համաժողովը եւ շինիչ եւ աշխոյժ դերակատարում ունեցած է, ընդունելով 2018-ի պիւտճէի մասին օրէնքը՝ նախքան համաժողովը:

Այս նոյն շրջանակները կ'ակնկալեն, որ «Հըզպալլա»ն վերածուի երկու՝ լիբանանեան եւ սուրիական «Հըզպալլա»ներու,  որովհետեւ անոնք ներկայիս կը համագործակցին Սուրիոյ մէջ իրանցիներուն հետ եւ կուսակցութեան անդամներէն շատեր այնտեղ զոհուելով, իրենց ընտանիքները գումարներ կը ստանան եւ տուներ կը տրուին  անոնց Հոմսի եւ այլ շրջաններու մէջ եւ այս ամէնը աստիճանաբար կը կատարուի: