image

«Մենք դէմ ենք Սուրիոյ մասնատման». Լաւրով

«Մենք   դէմ ենք  Սուրիոյ մասնատման». Լաւրով

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց  նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ իր երկիրը կը մերժէ կարգ մը կողմերու՝ Սուրիան քանդելու, բաժանելու եւ անոր հողին վրայ օտար ուժեր պահելու փորձերը:

 

Լաւրովը իր աւստրիացի գործընկերոջ Քարէն Քնայսէլի հետ Մոսկուայի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ «այդ փորձերը կու գան  աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան շրջածիրէն ներս եւ կը հակասեն Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ միջազգային համաձայնութիւններուն, որ պէտք է կարգաւորուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու հիման վրայ, սուրիացիներու կողմէ առաջ տարուող քաղաքական գործընթացի միջոցաւ: