image

«Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը դուրս պիտի գայ Դամասկոսի հարաւէն

«Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը դուրս պիտի գայ Դամասկոսի հարաւէն

«Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը յայտարարած է Դամասկոսի հարաւային շրջանէն դուրս գալու՝ իր եւ ռուս ներկայացուցիներու ու Սուրիոյ ռեժիմին միջեւ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը ընդունիլ: Այս մասին «Lebanon 24»ի համաձայն ըսած է մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդը:

 

Այս համաձայնութիւնը յաջորդած էր  հրթիռային եւ օդային խիտ գործողութիւններուն, որուն զուգորդած էր սուր բախումներ՝ սուրիական բանակի եւ անոր կողմնակից զինեալներու եւ «Տահէշ»ի միջեւ,  հարաւային Դամասկոսի «Ալ-Թատամոն» թաղամասի եւ «Եարմուք» գաղթակայանի շրջակայքը:

 

Ինչ կը վերաբերի Քալամոնի քաղաքներուն, «Մարդու իրաւունքներու Սուրիոյ դիտորդը» յայտնած է, որ ռուսերուն եւ զինեալներուն միջեւ հրադադարի եւ զէնքերը յանձնելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է: Նոյն պայմանաւորուածութեան համաձայն, ռուսական կողմը պիտի ստանձնէ համաձայնութեան դէմ եղողներուն դուրսբերման աշխատանքը: