image

Փութին խօսած է Սուրիոյ վրայ հնարաւոր նոր յարձակումներու հետեւանքներուն մասին

Փութին խօսած է Սուրիոյ վրայ հնարաւոր նոր յարձակումներու հետեւանքներուն մասին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կիրակի օր իր իրանցի գործընկեր Հասան Ռոհանիին ըսած  է, որ Սուրիոյ վրայ ցանկացած նոր հրթիռային հարուած, միջազգային յարաբերութիւնները քաոսային վիճակի պիտի հասցնէ: Այս մասին կը  հաղորդէ Քրեմլինի ռուսական լրատուամիջոցը:

Փութին եւ Ռոհանի հեռախօսազրոյցի ժամանակ  քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի մասին,  ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հրթիռարձակումներէն ետք, եւ երկու ղեկավարները գտած են, որ արեւմտեան հարուածները մեծապէս կը վնասեն Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման հասնելու հնարաւորութիւններուն:

Աղբիւրի համաձայն Փութին շեշտած է, որ եթէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը խախտող այդ գործողութիւնները շարունակուին, անկասկած որ պիտի յանգեցնեն միջազգային յարաբերութիւններու քաոսի: