Հակառակ բարձրաստիճան սուրիացի սպաներու եւ պաշտօնեաներու բոլոր փորձերուն, որ Ասատ նախագահական պալատէն այլ անվտանգ վայր տեղափոխուի, նախագահ Ասատ մերժած է դուրս գալ իր նստավայրէն: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ան շարունակած է այնտեղ մնալ իր ընտանիքի անդամներուն հետ:
Ասատ ըսած է, որ ինք պատրաստ չէ նոյնիսկ մէկ վայրկեանի համար հեռանալ նախագահական պալատէն, «ինչքան ալ ռմբակոծմնան եւ հրթիռակոծման սպառնալիք հնչէ թշնամիի կողմէ»:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ իսրայէլեան աղբիւրներ լուրեր տարածած էին, որ Ասատ նախագահական շարասիւնով հեռացած է «Թըշրին»ի ապարանքէն՝ ամերիկեան հաւանական հարուածներու թիրախ դառնալու մտավախութեան պատճառով: