image

Փութին 100 հազար չեչեն զինուոր պիտի առաքէ Սուրիա

Փութին 100 հազար  չեչեն զինուոր պիտի առաքէ  Սուրիա

Որպէսզի Սուրիոյ մէջ կռիւը՝ քրիստոնեայ ռուսական բանակի եւ ահաբեկչական իսլամական բանակի միջեւ չըլլայ, Փութին որոշած է Սուրիայէն դուրս բերել ռուսական զօրքը եւ փոխարէնը ուղարկել 100 հազար չեչեն զինուորներ, որոնք նոյնպէս իսլամ են, կռուելու համար ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ:

 

Այս մասին հաղորդող «Ալ-Տիար»ի, կը նշէ, որ Փութին թոյլտուութիւն տուած է չեչենական բանակի ղեկավարութեան բանակցիլ  այնտեղ գտնուղ իսլամիստներուն հետ եւ համոզել որ հաւատարմութիւն տան  Ռուսաստանին, ինչպէս որ իրենք՝ 30 միլիոն իսլամներ ըրին եւ ներկայիս կ'ապրին լիարժէք բարգաւաճման մէջ, վայելելով Ռուսաստանի հզօր իշխանութեան եւ անոր հսկայ բանակի պաշտպանութիւնը:

 

Աղբիւրի համաձայն, ռուսական բանակը՝ իսլամական տարրերով ռուսական բանակի հետ փոխարինելու գործընթացը պիտի սկսի այսօր եւ շարունակուի մէկ ամիս, մինչեւ որ իսլամական չեչենական բանակը տեղակայուի ռուսական բանակի դիրքերուն մէջ եւ ծանօթանայ ռազմական դաշտին:

 

Նշենք, որ ինչպէս յայտնի է,  Չեչնիայի ժողովուրդը աշխարհի ամնավայրաք ազգերէն մէկն են, անոնք անցեալին կազմած էին  մոնղոլական եւ թաթարական բանակները եւ Կովկասէն յարձակած ամբողջ Ասիոյ վրայ, հասնելով Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան, Իրաք եւ ապա գրաւած էին Եգիպտոսը: