image

«Կրնանք գրաւել Դամասկոսը». «Ճայշ Ալ իսլամ»ի առաջնորդը սպառնմալիքներ հնչեցուց

«Կրնանք գրաւել Դամասկոսը». «Ճայշ Ալ իսլամ»ի առաջնորդը սպառնմալիքներ հնչեցուց

«Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի ահաբեկչական  խմբաւորման  (իսլամական Բանակ) մամլոյ խօսնակ Մաան Ալլուշ, որ ներկայիս Ռիատ կը գտնուի, յայտարարած է, որ Իսլամական բանակը կը մերժէ հեռանալ Արեւելեան Ղութայի Տումա քաղաքէն, նշելով որ այնտեղ բանակը ունի աւելի քան 15 հազար կռուող: Այս մասին Ալլուշ ըսած էր Սէուտական «Ալ-Հատաս» կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

 

«Ճայշ Ալ-Իսլամ»ի խօսնակը նաեւ յայտնած է, որ իրենք գետնուղիներ բացած են, որոնք կը հասնին մինչեւ Մազզէյի մայրուղի եւ Դամասկոս, որոնցմէ կրնայ 5 հազար կռուող դուրս գալ եւ յարձակիլ իրենց շրջափակող սուրիական բանակին դէմ, միաժամանակ այլ 5 հազար կռուողներ՝ ուղղուիլ դէպի Դամասկոս, գրաւելու համար Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, օդուժի  ղեկավարման գրասենեակն ու հետախուզական մարմնի շէնքը: Ան նաեւ նշած էոր նպատակ ունին Թաու տիպի հրթիռներով հարուածել նախաագահական պալատը:

 

Աւարտելով իր խօսքը, Մաան Ալլուշ ըսած է.« Մենք չենք յանձնուիր եւ սուրիական բանտերը չենք երթար չարչարուելու համար, այլ կը կռուինք մինչեւ մահ», աւելցնելով, որ աշխարհը Դամասկոսի մէջ ականատես պիտի ըլլայ աննախադէպ երեւոյթի, երբ իսլամական բանակը գործէ իր սպասուած յարձակումը: