image

«Տահէշ»ի անդամ 33 հազար կալանաւորեալ Սուրիոյ բանտերուն մէջ

«Տահէշ»ի անդամ 33 հազար  կալանաւորեալ Սուրիոյ բանտերուն մէջ

Սուրիոյ մէջ գործող Մարդու իրաւունքներու գործակալութեան ու ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան գնահատմամբ, Սուրիոյ մէջ վերջին հինգ տարիներու պատերազմի ընթացքին «Տահէշ» կազմակերպութեան շուրջ 33 հազար անդամ գերի ինկած է, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ բանտերուն մէջ: 


Այս մասին հաղորդող «Ալ-Տիար»ը նաեւ կը նշէ, որ անոնցմէ շուրջ 19 հազարը եւրոպական երկիրներու՝ ֆրանսայի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ հպատակներ են:


Ըստ աղբիւրին, Եւրոպական գաղտնի սպասարկութիւնները կապ հաստատած են Սուրիոյ հետախուզական մարմիններուն հետ, խնդրելով իրենց երկրի քաղաքացիութիւնը կրող «Տահէշ»ի անդամ եղող անձանց անունները, սակայն Սուրիան մերժած է համագործակցիլ:


Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, սուրիական բանտերուն մէջ գտնուող «Տահէշ»ի անդամ պատանդները Սուրիական հետախուզութեան համար տեղեկատուութեան մեծ աղբիւր է՝ ամբողջ սուրիական պատերազմի ընթացքին կատարուածի շուրջ, սկսեալ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ժողովներէն մինչեւ Թուրքիոյ միջոցաւ անոնց Սուրիա ուղարկելու ծրագիրներու մասին:


Միւս կողմէ եւրոպական երկիրները մտավախութիւն ունին, որ Սուրիա կրնայ յետագային, առանց անոնց անցնագրերու վրայ նշում ընելու, բաց թողել բանտարկեալները, որպէսզի անոնք Լիբանանի եւ Թուրքիոյ ճամբով վերադառնան իրենց երկիրները, ինչը մեծ սպառնալիք է Եւրոպայի անվտանգութեան համար: