image

Մուհամար Քազաֆիի որդին՝ Սայֆ Ալ Իսլամ իշխանութեա՞ն պիտի վերադառնայ

Մուհամար Քազաֆիի որդին՝ Սայֆ  Ալ Իսլամ  իշխանութեա՞ն պիտի վերադառնայ

Սայֆ Ալ-Տին Ալ-Իսլամի քաղաքական եւ բարեփոխումներու ծրագրի պատասխանատու Այման Պորաս, Թունէսի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Քազաֆիի որդիին Լիպիոյ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու մասին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Հայաթ»ը:

Պորաս հաստատած է, որ «Սայֆ Ալ-Իսլամը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութեամբ իշխանութեան չի ձգտիր՝ իր աւանդական իմաստով, այլ՝ երկիրը փրկելու»:

Ան ըսած է, որ «Սայֆ Ալ-Տին Ալ-Իսլամ  իր  ձեռքը պիտի երկարէ  բոլոր անոնց, որոնք Լիպիոյ լաւը կը ցանկան՝ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ», աւելցնելով, որ «Քազաֆիի որդիին բարեփոխումներու ծրագիրը  իր մէջ  կ'ընդգրկէ Լիպիոյ համար քաղաքական, անվտանգութեան եւ ընկերային ամբողջական տեսլական»:

Կը նշուի, որ Սայֆ Ալ-Իսլամ Քազաֆին 2017-ին Ալ-Զանթան քաղաքի բանտէն դուրս գալէն ետք ցարդ հանրութեան առջեւ չէ երեւցած, ուր ան բանտարկուած էր 2011-է ի վեր:

Միչեւ այս պահը որեւէ յստակ տեղեկութիւն չկայ անոր գտնուելու վայրի մասին, միայն որոշ անձեր տարբեր ժամանակներու ներկայացած են ոպրէս անոր մօտ անձեր եւ անոր անունով խօսած են լրատուամիջոցներու հետ: