image
Հրատապ լուրեր:

Ատոլֆ Հիթլէր Նոպէլեան մրցանակի «թեկնածու» եղած է

Ատոլֆ Հիթլէր Նոպէլեան մրցանակի «թեկնածու» եղած է

Նացիստական Գերմանիոյ առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլէր 1939-ին առաջադրուած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը:

 

Աղբիւրը սակայ կը նշէ նաեւ, որ Ատոլֆ Հիթլէր արգիլած էր գերմանացիներուն Նոպէլեան մրցանակ ստանալ, բացի այդ, ան գերմանական լրտուամիջոցներուն բացարձակապէս արգիլած էր խօսիլ եւ մեկնաբանել նոպէլեան մրցանակներու մասին:

Նոպէլեան մրցանակի հանդէպ այդ արգելափակումը եղած էր այն բանէ ետք, երբ 1935-ին գերմանացի ընդդիմադիր լրագրող Քարլ ֆոն Օսեթզքիին շնորհուած էր այս մրցանակը, վերջինիս կողմէ՝ 30-ականներու սկիզբը Գերմանիան վերազինելու ծրագիրի մասին բացայայտուելէն ետք:

 

1939-ի շրջանին սակայն պատահած է անսպասելին: Այդ տարի տարօրինակ կերպով Ատոլֆ Հիթլէրի անունը յայտնուած էր խաղաղութեան համար նոպէլեան մրցանակի առաջադրուող անուններու ցանկին մէջ:

 

Պարզուած է, որ Շուէտի խորհրդարանի անդամ Էրիք Պրնտթ, նամակ գրած է նոպէլեան մրցանակի նորվէկեան յանձաժողովին, առաջարկելով անոնց Ատոլֆ Հիթլէրի թեկնածութիւնը՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին: Պրնտթ, որ ֆաշիզմի դունդ ընդիմադիրներէն է, որպէս հեգնանք, իր նամակին մէջ Հիթլէրը բնուդագրած էր որպէս խաղաղութեան մարդ եւ մարդկութեան փրկիչ:

 

Նորվէկիոյ Նոպէլեան մրցանակի կոմիտէն սակայն Էրիքի առաջադրութեան լուրջ վերաբերած էր եւ Ատոլֆ Հիթլէրի անունը ընդգրկած էր 1939-ին խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի թեկնածուներու ցանկին մէջ, ինչը ստիպած էր Էրիքին դարձեալ դիմել կոմիտէն, ետ քաշելու համար իր առաջադրած թեկնածութիւնը:

 

Նշենք, որ 1939-ի սեպտեմբերի սկիզբը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկման պատճառով, քանի մը տարի դադարեցուած է խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի յանձնումը, որ  1944-ին միայն յանձնուած է Կարմիր խաչի (ԿԽՄԿ) Միջազգային կոմիտէին: