image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞վ պիտի ըլլայ Թիլըրսընի ճակատագրին ենթարկուող յաջորդ «զոհ»ը

Ո՞վ  պիտի ըլլայ Թիլըրսընի ճակատագրին ենթարկուող յաջորդ «զոհ»ը

«The Washington Post» թերթը երէկ հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամբ որոշած է պաշտօնէն ազատել իր ազգային անվտանգութեան խորհրդական Հ. Մաքմասթըրին, աւելցնելով, որ ինք կը նախատեսէ պաշտօնանկ ընել այլ պաշտօնեաներ եւս, անցեալ երեքշաբթի իր Արտաքին գոծոց նախարար Թիլըրսընին պաշտօնազրկելէ ետք:  

Վերջին  շաբաթներուն ամերիկեան լրատուամիջոցներ լուրեր տարածեցին Մաքմասթըրի պաշտօնանկ ըլլալու մասին, սակայն «The Washington Post»ը յայտնած է, որ Թրամբ իրօք, վճռական է անոր պաշտօնէն հեռացնելու մէջ, եւ աշխոյժ խորհրդակցութիւններ կ'իրականացնէ անոր փոխարինող թեկնածուներու անուններու շուրջ:

Թերթը ըսած է, որ այս քայլը աւելի լայն փոփոխութիւններու մէկ մասն է, որ «հաւանաբար իր մէջ պիտի ներգրաւէ Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ»: