Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բանբերը Իպրահիմ Քալըն երէկ ըսած է, որ իր երկիրը նպատակ չունի Աֆրինը սուրիական կառավարութեան յանձնելու, նշելով, որ կ'անկլուի որ Աֆրինը «շատ շուտ զինեալներէն վերջանականապէս պիտի մաքրուի »: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը:
Քալըն նաեւ նշած է, որ իրենք Ամերկայի հետ ճանապարհային քարտէզ դրած են եւ «Աֆրինի մէջ ապահովութեան հաստատումէն ետք պէտք է Սուրիոյ մէջ այլ շրջաններ ուղղուիլ», ըսած է ան:
Նշենք, որ Թուրքիոյ կառավաութիւնը երեքշաբթի օր հաստատած էր, որ մօտեցած է Աֆրինի ամբողջութեամբ քրտական ուժերէն «ազատելու» եւ իր վերահսկողութեան տակ առնելու պահը: